ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԱՉՔԵՐԸ ՓԱԿԱԾ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸՆ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ, Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ «VADİP»-ի ատենադպիր,ապա , Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Յարութիւն Շանլըն, «Քովիտ 19»էն վարակուելով փոխադրուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց ,ուր կը շարունակուէր իր դարմանումը:Վերջերս, ան կը մնար վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:Դժբախտաբար, Չորեքշաբթի,Մայիս 6-ին , կնքեց իր մահկանացուն : Յարութիւն Շանլըն իր տեսիլքային ձեռներեցութեամբ, աշխուժութեամբ եւ միասնականութեան ոգիով Թրքահայ համայնքին տարբեր մարզերէն ներս ունեցաւ իր ներդրումը:
Anahtar Kelime:
Abd, 20.5 Milyon, İşsiz
Yeni Yazı
GİNA LOLLOBRİGİDA HAYATINI KAYBETTİ